Thursday, April 9, 2015

Միլիոնատէր եւ դռնապան անհամատեղելի են որպէս բարեկամ

Պետրոս եւ Սօսի Հաճեաններ
A millionaire and a watchman cannot be friends
 
Sosi Hadjian tells the story of a known benefactor who visited Buenos Aires coming from a North American country. During his visit he was curious to know the whereabouts of  an immigrant, who has just arrived coming from troubled Syria. The immigrant was his childhood friend and they have last met four decades ago. The officials of the Armenian community in the city make an effort to find the immigrant and introduce him to the visitor. They embrace each other and exchange warm feelings, but when the benefactor discovers that the newcomer is employed as watchman in the Armenian institutions, his behavior immediately turns upside down and starts to ignore him. "A millionaire and a watchman cannot be friends", concludes Sosi.

Տարիներ առաջ հիւսիսի երկրէն՝ հարաւի այս ափերը այցելութեան եկած էր մեծահարուստ հայ մը, որ արժանացած էր «Մեծ բարերար»ի տիտղոսին, իր կատարած մեծագումար նուիրատուութիւններուն համար:

Հետեւաբար մեր գաղութի պատկան իշխանութիւնները իրար անցած էին նման անձնաւորութիւն մը արժանավայել շուքով ընդունելու համար:

Օր մը, երբ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հետաքրքիրներու խմբակի մը հետ կ'այցելէր Արմէնիա փողոցին վրայ համախմբուած մեր ազգային կառոյցները եւ հաւաքավայրերը, պահ մը կեցաւ մայթին վրայ, չորս դին նայեցաւ եւ ըսաւ.

-Հոս գալէս ի վեր կը փնտռեմ մանկութեան ամենամտերիմ դասընկերս, որ իմացայ թէ Միջին Արեւելքի պատերազմի օրերուն, այս կողմերը փոխադրուած է, բայց ճշգրիտ չեմ գիտեր որ քաղաքը : Երբ մենք ընտանեօք Նոր երկիրը փոխադրուեցանք, մեր կապը ակամայ խզուեցաւ:

Բարեսիրական միութեան վարչական մը իրեն մօտեցաւ եւ ըսաւ , թէ վերջերս իրենց շէնքին մէջ հայ մարդ մը սկսած էր աշխատելու, որ այդ երկրէն եկած էր: Ապա անմիջապէս գնաց զինք կանչելու:

Մի քանի վայրկեան յետոյ երեւցաւ համեստ արտաքինով, միջին տարիքի, կարճահասակ մարդ մը:

Երկուքը երբ դէմ դիմաց եկան, երկար ատեն իրարու նայեցան , զիրար վերյիշեցին եւ յանկարծ կարօտի, սիրոյ եւ զարմանքի բացականչութիւններու մէջ գրկնդխառնուեցան, որ տեւեց երկար վայրկեաններ: Երկուքն ալ իրենց յուզումէն կը հեկեկային:

-Ծօ՛, Գէորգ ե՞րբ եկար հոս, ինչպէ՞ս ես :

-Լաւ եմ , եղբայր, լաւ. աս ինչ անհաւատալի եւ ինչ աղուոր անակնկալ է:Աչքերուս չեմ հաւատար քեզ հոս տեսնելով :Քառասուն տարի յետոյ վերստին իրարու կը հանդիպինք :
Ձայնը կը թրթռար:

-Ին՞չ գործ կ'ընես, հարցուց յանկարծ մեծահարուստը հետաքրքրութեամբ:

-Մէկ տարիէն աւելի է, որ հոս ենք զաւակներով եւ թոռներով: Սակայն հազիւ քանի մը ամիս առաջ գործ մը գտայ այս հայկական հաստատութեան մէջ: Մեզի պզտիկ տուն մըն ալ տուին, որպէսզի վարձք տալու պարտաւորութենէն փրկուինք: Շատ երախտապարտ կը զգամ իրենց հանդէպ:

-Եւ հոն ի՞նչ կ'ընես:

-Ես այդ շէնքին դռնապանն եմ:

-Հա՜, հասկցայ, ուրեմն պահակութիւն կ'ընես,- ըսաւ հարուստը չոր ձայնով եւ լռեց:

Ներկաները բոլորն ալ ազդուած , ոմանք արցունքոտ աչքերով կը հետեւէին այս յուզումնախառն հանդիպումին եւ անհամբեր կը սպասէին, թէ ի՞նչ դուրս պիտի գար անկէ: Շատեր կ'ակնկալէին որ հաւանաբար շօշափելի գումար մը դնէր այս խեղճ պահակին գրպանին մէջ որպէս նուէր, մեղմելու համար անոր տնտեսական անձուկ վիճակը :

Բայց որքա՜ն յուսախաբ եւ ապշած մնացին, երբ պարոն մեծահարուստին դէմքէն յանկարծ չքացաւ կարօտի, ուրախութեան ջերմ արտայայտութիւնը եւ փոխարէնը սառն ժպիտ մը գծուեցաւ : Ապա անտեսելով խեղճ Գէորգը, որ տակաւին բերանը բաց պիտի շարունակէր պատմել իր մանկութեան ընկերոջ իրենց ծննդավայրին մասին, որուն արմաւենիներուն տակ որքա՜ն յիշատակելի խաղեր, մանկական չարաճճիութիւններ ըրած էին,որքա՜ն ուրախ օրեր անցուցած էին եւ որ հիմա աւա՜ղ վերածուած էր իսկական դժոխքի մը, ուր ամէն օր թնդանօթներու կրակին տակ տասնեակներով մարդիկ կը մեռնէին,կամ սովամահ կ'ըլլային եւ ուրկէ ինք եւ իր ընտանիքը մազապուրծ փրկուած էին բարեկամի մը օժանդակութեամբ եւ իրենց շունչը այս անծանօթ երկիրը առած: Բայց արդէն ուշ էր:
Պարոն բարերարը իր այդքան փնտռած ընկերոջ գոյութիւնը մոռցած էր. կռնակը իրեն դարձուցած, դէմքը, որ վերստացած էր իր նախկին միապաղաղ արտայայտութիւնը, խօսքը մեզի ուղղելով՝ շարունակեց իր կիսաւարտ զրոյցը իր ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Խեղճ դռնապանը մի քանի վայրկեան ի զուր սպասելէ յետոյ, անմիջապէս ըմբռնեց ստեղծուած կացութիւնը: Ինք եւ մանկութեան դասընկերը այլեւս երկու հակոտնեայ աշխարհներու կը պատկանէին: Իրենց մանկութեան կարօտը, սէրը, խանդավառութիւնը պղպջակի մը նման փայլատակած, ապրած էր մի քանի վայրկեան միայն եւ պայթած: Իրենց բարեկամութիւնն ալ իր վերջին շունչը փչած էր ի սպառ :

Իր ներկայութիւնը աւելորդ էր հոն այլեւս: Աննշմար, լուռ եւ գլխահակ վերադարձաւ իր գործին:

Ամենահզօր մամոնային կը պատկանէր վերջին խօսքը եւ ան արձակած էր իր վճիռը: Միլիոնատէր եւ դռնապան անհամատեղելի են որպէս բարեկամ:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

No comments:

Post a Comment